Մորթի այրուածքներ
Մորթի այրուածքի ախտանշանը մորթի բացայայտ վէրքն է իր զանազան երեւոյթներով` մորթի կարմրութիւն, ուռեցք, կորուստ եւ ջրափշտիկներ:
Մորթի այրուածքները կը դասակարգուի` ըստ այրուածքին յառաջացուցած վէրքի խորութեան, տարածութեան եւ ախտանշաններու տարողութեան:
Այրուածքի աստիճաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին աստիճանի այրուածքը միայն մակերեսային է, կը տեւէ քանի մը օր եւ կը յայտնուի ցաւով ու մորթի կարմրութեամբ եւ կրնայ դիւրաւ վերածուիլ երկրորդ աստիճանի այրուածքի:
Երկրորդ աստիճանի այրուածքը կը յայտնուի ցաւով, մորթի կարմրութեամբ, վէրքի շրջապատի ուռեցքով եւ ջրափշտիկներով: Կը տեւէ 2-3 շաբաթ:
Երրորդ աստիճանի այրուածքը կը յայտնուի այրած եւ փճացած մորթով, որ կ'ունենայ տարբեր-տարբեր գունաւորումներ, բացուած ջրափշտիկներ եւ բաց, խորունկ ու մեծ վէրքեր, ինչպէս նաեւ` մարմնական ջրանուազումով: Ան մորթի որոշ սպիացումի հետք կը ձգէ:
Մարմինի մակերեսի 20 առ հարիւրէն աւելի մեծ` երկրորդ եւ կամ երրորդ աստիճանի այրուածքի պատճառով տեղի կ'ունենայ զգալի մարմնական ջրանուազում, որուն ախտանշաններն են` ծարաւ, փսխուք, կեդրոնացումի պակաս, մոռացութիւն, արագ սիրտի զարկ, զարկերակային ճնշումի նուազում, մէզի նուազում եւ մարմնին մէջ կալիումի կորուստ:
Նկար | Աստիճան |
---|---|
Առաջին աստիճանի այրուածք | |
Երկրորդ աստիճանի այրուածք | |
Երկրորդ աստիճանի այրուածք | |
Երրորդ աստիճանի այրուածք | |
Չորրորդ աստիճանի այրուածք |
Միջոցառումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին աստիճանի այրուածքները ընդհանրապէս յատուկ դարմանումի չեն կարօտիր. միայն լուալ այրուածքը մաքուր եւ պաղ ջուրով[1]:
Մեծ այրուածքներու պարագային`
- Կեդրոնանալ հիւանդին շնչառութեան, սիրտի զարկին, արեան ճնշումին, գիտակցութեան եւ արթնութեան վրայ, ապա կատարել շտապ օգնութիւն՝ ըստ կարիքի:
- Հեռացնել ենթական կրակէն, քիմիական նիւթերէն, ապա մարել կրակը:
- Անջատել ելեկտրական հոսանքը զոհէն:
- Հանել զոհին այրած հագուստները, սակայն չդպչիլ անոնց, եթէ անոնք հիւանդին մարմինին փակած են:
- Պահել հիւանդը տաք եւ ապահով տեղ մը:
- Չծածկել մեծ վէրքը որեւէ օծանով:
- Տալ հիւանդին ցաւազրկող դեղեր:
- Երկրորդ կարգի պզտիկ այրուածքներու պարագային, լուալ օճառով եւ մաքուր` գաղջ ջուրով, ծածկել օծանով եւ կամ գաղջ ջուրի մէջ թաթխուած մաքուր լաթով մը:
- Երրորդ աստիճանի պարագային, չլուալ վէրքը եւ ո՛չ ալ օծան եւ կամ փոշի գործածել. միայն ծածկել մաքուր լաթով մը:
- Մեծ տարածութեամբ երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքի պարագային, չզովացնել հիւանդը, այլապէս ան կրնայ ունենալ ջերմանուազում:
- Զոհը արագօրէն փոխադրել մօտակայ հիւանդանոց, երբ`
ա.- Զոհը անգիտակից եւ շնչահեղձ է:
բ.- Երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքը կը գտնուի դէմքին, աչքերուն եւ ձեռքերուն վրայ:
գ.- Մարմինի մակերեսին 15 առ հարիւրէն աւելին այրած է:
դ.- Այրուածքը երրորդ աստիճանի է եւ կամ երկրորդ աստիճանի, բայց մեծ է:
ե.- Զոհը անչափահաս է եւ կամ տարեց է:
զ.- Այրուածքը ելեկտրականութեան հոսանքի հետեւանք է:
է.- Զոհը արդէն կը տառապի այլ մտահոգիչ հիւանդութենէ մը:
Հիւանդանոցային խնամքը կը կատարուի` ըստ հիւանդին առողջական ընդհանուր վիճակին եւ այրուածքին տարողութեան: Խորունկ այրուածքներ կը կարօտին մորթային ինքնապատուաստումի, այսինքն հիւանդին մարմինի զանազան մասերէն առողջ մորթի պատուաստում կը կատարուի ծածկելու համար բոլորովին բաց վէրքերը:
Դարմանումի ընթացքին բժիշկը առաւելագոյն ուշադրութեամբ կը խնամէ հիւանդը, որպէսզի չպատահին մորթային մնայուն կարծր սպիացում եւ կծկում-պրկուածութիւն, ինչպէս նաեւ՝ յօդերու անշարժացում: Դարմանումին մաս կը կազմեն նաեւ ֆիզիքական միջոցառումները, ի մասնաւորի`բարեխառն ջերմութեան գործածութիւնն ու մարզանքը, որպէսզի յօդային կարծրացում եւ անշարժացում, ինչպէս նաեւ մորթային կծկում-պրկուածութիւն չյառաջանան: Այս բարդութիւններու պարագային, մորթային ինքնապատուաստումը դարձեալ պարտաւորիչ կը դառնայ: Հիւանդին կը ներարկուի պրկախտի պատուաստ, կը տրուին բնասպիտով հարուստ սննդանիւթեր եւ կենսանիւթեր: Ըստ կարիքի, կը կատարուի նաեւ արեան փոխներարկում:
Դէմքի, աչքերու, քիթի, շրթունքներու այրուածքները ընդհանրապէս սովորական դարմանումներու կողքին, կը կարօտին նաեւ գեղագիտական վիրաբուժութեան եւ մորթային ինքնապատուաստումի: Վիզի այրուածքը կրնայ ստեղծել շնչառական համակարգի դժուարութիւններ՝ շնչահեղձութիւն, ձայնի խռպոտութիւն, խռչափողատապ, ցնցղատապ, թոքատապ, շնչահեղձութիւն եւ կապտախտ: Այս բոլոր բարդութիւնները կրնան կարօտիլ շնչափողածակումի:
Ելեկտրական հոսանքի եւ կայծակի այրուածքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ելեկտրական այրուածքը կը յառաջանայ ելեկտրական հոսանքի եւ կամ կայծակի ուղղակի ենթակայ ըլլալով: Այս այրուածքը կ'ունենայ ելեկտրական հոսանքի մուտքի եւ ելքի կէտերը, որոնք յաճախ նշմարելի չեն ըլլար մորթին վրայ: Ելեկտրական հոսանքը մորթի մակերեսէն անցնելէ ետք, կը քալէ առաւելաբար ջիղերու եւ մկաններու հիւսկէններու վրայէն եւ կը հասնի մարմինի զանազան օրկաններուն: Ան կը յառաջացնէ մակերեսային մորթային այրուածք, ներքին օրկաններու վնաս, սիրտի անկանոն զարկ, շնչահեղձութիւն եւ շնչադադար: Ելեկտրական հոսանքը իր վնասները կը հասցնէ՝ ըստ իր տեսակին, զօրութեան, տեւողութեան եւ մուտքի վայրին, ինչպէս նաեւ`մարմինի դիմադրողականութեան:
Ելեկտրական այրուածքի ախտանշանները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ելեկտրական այրուածքի ախտանշանները կրնան ըլլալ.
- Մակերեսային մորթի այրուածք,
- մկանային ակամայ պրկումներ եւ ցնցումներ,
- սիրտի արագ զարկ,
- շնչահեղձութիւն եւ շնչադադար,
- գիտակցութեան կորուստ,
- ուղեղային վնաս,
- մկանային անշարժութիւն եւ անդամալուծութիւն,
- ներքին օրկաններու վնաս եւ փճացում,
- ոսկրային կոտրուածքներ,
- գանկային վնաս:
Կայծակնահար անհատը կ'ունենայ անցողակի եւ կամ մնայուն հետեւանքներ` ըստ կայծակի ուժգնութեան եւ տեւողութեան: Ան կրնայ ունենալ`
- մորթային այրուածք,
- ներքին օրկաններու վնասներ,
- ուղեղային եւ ջղային դրութեան վնասներ,
- մոռացկոտութիւն,
- շփոթութիւն,
- անգիտակցութիւն,
- ոտքի եւ ձեռքի անզգայութիւն ու անշարժութիւն,
- ականջաթմբուկի պատռուածք,
- ակնազօդ,
- հոգեբանական խանգարում,
- անքնութիւն,
- սիրտի անկանոն զարկ,
- սրտադադար եւ մահ:
Դարմանում
Դարմանումը կը կայանայ` ըստ կայծակնահարութեան զօրութեան եւ հիւանդին առողջական ընդհանուր վիճակին: Անգիտակցութեան եւ շնչադադարի եւ կամ սիրտի զարկի բացակայութեան պարագային, կը կատարուի շտապ վերակենդանացում, որմէ ետք հիւանդը կը փոխադրուի հիւանդանոց, ուր կը կատարուին դարմանումի անհրաժեշտ միջոցառումները[2]: