Արուսեակ (մոլորակ)
Վեներա կամ Արուսեակ (լատ.՝ Venus; Խորհրդանիշ։ ), (հայերէն այլ անուանումներ՝ Լուսաբեր, Աստղիկ, Այգաբեր, Այգաստղ, Գիշերավար, Լուսաստղ, Առաւօտեան աստղ, Երեկոյեան աստղ), Արեգակնային համակարգին երկրորդ մոլորակն է։ Պտոյտին պարբերութիւնը 224, 7[1] երկրային օր է։ Մոլորակը իր լատիներէն անունը ստացած է Հռոմէական դիցաբանութեան Արուսեակ սիրոյ աստուածուհիէն:
Արուսեակը Երկիր երկնակամարին վրայ երեւցող մարմիններէն պայծառութեամբ երրորդն է Արեւէն եւ Լուսինէն ետք, անոր տեսանելի աստղային մեծութիւնը կը հասնի − 4,6 բաւարար պայծառի:[2] Քանի որ Արուսեակը աւելի մօտ է Արեւուն, քան Երկիր մոլորակը, անիկա երկնակամարին վրայ բնաւ չի հեռանար Արեւէն աւելին քան 47,8° (երկիրին մակերեւոյթէն դիտողին համար)։ Իր առաւելագոյն լուսատուութիւնը կը հասնի արեւածագէն անմիջապէս առաջ կամ որոշ ժամանակ մը ետք, ուրկէ կը ծագին Առաւօտեան եւ Երեկոյեան աստղ անուանումները։
Արուսեակ կը դասակարգուի իբրեւ Երկրային խումբի մոլորակ, եւ երբեմն զայն կ'անուանեն «Երկիրին քոյրը», քանի որ երկու մոլորակները իրարու կը նմանին չափերով, ձգողական ուժով եւ կազմութեամբ։ Սակայն պայմանները այս երկու մոլորակներուն վրայ չափազանց տարբեր են։ Արուսեակին մակերեւոյթը թաքնուած է չափազանց խիտ ծծմբաթթու ամպերով, որոնք ունին բարձր արտացոլման գործակից, որ կարելիութիւն չի տար տեսնելու մակերեւոյթը տեսանելի լուսապատկերէն (սակայն Արուսեակին մթնոլորտը թափանցիկ է «ռատիօալիքներ»ու համար, որոնց միջոցով ալ կը հետազօտուի մոլորակին մակերեւոյթը)։
Արուսեակ ունի ամէնէն խիտ մթնոլորտը, որ գլխաւորաբար բաղկացած է ածխաթթու կազէ։ Անիկա կը բացատրուի անով, որ Արուսեակին վրայ կեանք գոյութիւն չունի, որ կրնայ զայն կենսազանգուածի վերամշակել ։
Խորքին մէջ անցեալին, ինչպէս կ'ենթադրուի, Արուսեակ այնքան տաքցած է, որ երկրայինի նման ովկիանոսները, որոնք կ'ենթադրուին որ այնտեղ կային[3], ամբողջութեամբ գոլորշիացած են, երբ ջերմաստիճանը աճած է ջերմոցային ազդեցութեան հետեւանքով[4], իրենց ետեւ երկարելով անապատային տեսարան մը՝ բազմաթիւ ժայռերով։ Տեսութիւններէն մէկը կ'ենթադրէ, որ ջրային գոլորշին մագնիսական թոյլ դաշտի մը պատճառով այնքան բարձրացած է, որ քշուած է Արեգակնային քամիին կողմէ դէպի միջմոլորակային միջավայր[5]։
Արուսեակին մակերեւոյթին Մթնոլորտային ճնշումը 92 անգամ մեծ է, քան Երկիրինը։ Մանրամասն մակերեւոյթի հեռահար քարտէսագրումը կատարուած է վերջին 22 տարուան ընթացքին, յատկապէս «Մագելան» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ։ Արուսեակին մակերեւոյթը կը կրէ վառ արտայայտուած հրաբխային գործունէութեան հետքեր, իսկ մթնոլորտը կը պարունակէ մեծ քանակով ծծումբ։ Որոշ փորձագէտներ կը կարծեն, որ հրաբխային գործունէութիւնը Արուսեակին վրայ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Սակայն այս պնդման բացայայտ ապացոյցներ չկան, քանի որ ոչ մէկ հրաբխային խորխորատներու մէջ լաւային հոսանքներ նկատուած են։ Զարմանալիօրէն փոքր քանակի հարուածային խառնարանները կը փաստեն մոլորակին մակերեւոյթին երիտասարդ ըլլալը, անիկա ունի շուրջ 500 միլիոն տարուան պատմութիւն։ Արուսեակին վրայ հիմնական աշխուժութիւն մը չէ նկատուած. թերեւս այդ պատճառով է, որ մոլորակին կեղեւը առանց ջուրի է, մակերեւոյթը կպչուն է եւ շարժուն չէ։ Նոյնպէս կ'ենթադրուի, որ Արուսեակ աստիճանաբար կը կորսնցնէ ներքին բարձր ջերմաստիճանը։
Արուսեակ միակն է Արեգակնային համակարգի ութ մոլորակներէն, որ անուանուած է աստուածուհիին անունով։
Հիմնական տուեալներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արուսեակէն Արեւ ինկած միջին հեռաւորութիւնն է 108 միլիոն Ք.մ. (0,723 ա. մ.)։ Արուսեակէն Երկիր հեռաւորութիւնը կը փոխուի 40-էն 259 միլիոն Ք.մ. միջակայքին մէջ[6]։ Անոր ուղեծիրը շատ մօտ է շրջանաձեւին, արտակեդրոնութիւնը կը կազմէ ընդամէնը 0,0068։ Անոր պտոյտին պարբերութիւնը Արեգակին շուրջ կը կազմէ 224,7 երկրային օր, միջին ուղեծրային արագութիւնը 35 Ք.մ./վ։ Ուղեծիրին թեքումը խաւարածիրի հարթութեան հաւասար է 3,4°։
Արուսեակ կը պտըտի իր առանցքին շուրջ 2° շեղումով, ուղեծիրին հարթութեան ուղղահայեաց, արեւելքէն արեւմուտք ուղղութեամբ, այսինքն մոլորակներու մեծամասնութեան պտոյտին ուղղութեան հակառակ։ Առանցքին շուրջ մէկ պտոյտը Արուսեակ կը կատարէ 243, 02 երկրային օրուան ընթացքին։ Մոլորակին արեգակնային օրը կը կազմէ 116,8 երկրային օր։ Հետաքրքրական է, որ Երկիրին հանդէպ Արուսեակ մէկ պտոյտ կը կատարէ իր առանցքին շուրջ 146 օրուան ընթացքին[7]։ Արուսեակին տրամագիծը կը կազմէ 12,092 Ք.մ. (միայն 650 Ք.մ.-ով փոքր, քան Երկիրինը), իսկ անոր զանգուածը կը կազմէ Երկիրին զանգուածին 81,5% (4,87 Ք.կ.)։ Արուսեակին մակերեւոյթին վրայ պայմանները արմատապէս կը տարբերին Երկիրին պայմաններէն, անոր խիտ ածխաթթու կազով հարուստ մթնոլորտին պատճառով։ Արուսեակին մթնոլորտին մեծ մասը կը կազմէ ածխաթթու կազը՝ 96.5%, իսկ մնացեալ մասին մեծամասնութիւնը կը կազմէ ազոտը՝ 3,5%[8]։ Արուսեակին միջին խտութիւնը կը կազմէ 5,24 գ/սմ³[9]։ Մակերեւոյթին մօտ ազատ անկման արագութիւնը կը կազմէ 8,87 մ/վ², իսկ երկրորդ տիեզերական արագութիւնը՝ 10,46 Ք.մ./վ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վեներա. Փաստեր եւ թիւեր»։ ՆԱՍԱ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-09-29-ին։ արտագրուած է՝ 2007-04-12
- ↑ Լոուրենս Պիտի (2005)։ «Վեներայի ստուերը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-06-11-ին։ արտագրուած է՝ 13 Յունիս 2012
- ↑ Հաշիմոտօ, Գ. Լ.; Ռուս-Սերոտ, Մ.; Սուկիտա, Ս.; Կիլմոր, Մ. Ս.; Քամբ, Լ. Վ.; Քարլսըն, Ռ. Վ.; Պեյնս, Կ. Հ. (2008)։ «Կալիլէոյի մօտ ինֆրակարմիր քարտէսագրման լուսապատկերաչափի տուեալները Վեներայի մասին»։ Գեոֆիզիկական հետազոտությունների ամսագիր, մոլորակներ 113: E00B24։ Bibcode:2008JGRE..11300B24H։ doi:10.1029/2008JE003134
- ↑ Բ. Մ. Յակոսկի, "Երկրային խմբի մոլորակների մթնոլորտները", Բիթի, Պետերսոն եւ Չայկին (խմբ.), Արեգակնային համակարգ 4-րդ հրատարակություն 1999, Սքայ Փաբլիսհինգ քոմփանի (Բոստոն) եւ Քեմբրիջի համալսարանի հրատարակչություն (Քեմբրիջ), էջեր՝ 175–200
- ↑ «Որսացվել է Արեւից եկող քամու կողմից»։ ԵՏԳ (Venus Express)։ 2007-11-28։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-06-25-ին։ արտագրուած է՝ 2008-07-12
- ↑ Վեներան, ամէն ինչ տիեզերքի մասին
- ↑ Լոպես, Ռոզալի Մ. Ս.; Գրեգ, Թրեյսի Կ. Պ. (2004)։ Հրաբխային աշխարհները. Հետազոտելով Արեգակնային համակարգի հրաբուխները։ Սփրինգեր։ էջ 61։ ISBN 3-540-00431-9
- ↑ «Վեներայի մթնոլորտը»։ Աստղակենսաբանության հանրագիտարան, Աստղագիտություն եւ տիեզերական թռիչք։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-02-ին։ արտագրուած է՝ 2007 թ․ ապրիլի 29
- ↑ Վ. Գ. Սուրդին (2008)։ Արեգակնային համակարգ։ Մոսկվա: Ֆիզմաթլիտ։ էջ 126 ISBN 978-5-9221-0989-5 ։
Այս յօդուածը ընտրուած է Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի օրուան յօդուած: |