[go: up one dir, main page]

Jump to content

Harry Potter and The Philosopher's Stone

Harry Potter and The Philosopher's Stone
Հեղինակ Ճոան Ռոուլինկ
Երկիր Անգլիա
Լեզու Անգլերէն
Շարք Հէրի Փոթըրի վիպաշար
Հերթական թիւ Առաջին գիրքը
Հրատարակուած 26 Յունիս, 1997
Հրատարակող Bloomsbury publishing
Գիրքի տեսակ երեւակայութիւն, արկածային գրականութիւն եւ երիտասարդական վիպակ
Յաջորդ գիրք Harry Potter and The Chamber of Secrets

Harry Potter and The Philosopher's Stone-ը Հէրի Փոթըր վիպաշարի առաջին վէպն է, գրուած Ճոան Ռոուլինկի կողմէ: Վէպը կը պատմէ թէ Հէրին ինչպէս կը գիտնայ որ ան կախարդ է ու պէտք է յաճախէ Hogwarts կախարդներու յատուկ դպրոցը : Ան կը հանդիպի ու կը ծանօթանայ մաս մը աշակերտներու, որոնց հետ կը դառնայ մօտիկ ընկեր, եւ ուրիշներու՝ որոնց հետ կը ստեղծուի թշնամութիւն: Ան նաեւ կը գիտնայ Voldemort-ին մասին, որ սպանած է իր ծնողները եւ երբ կը փորձած է Հէրիին սպանել, անյայտ պատճառով չի յաջողիր ու կը կորսնցէ իր կարողութիւնները (այն ժամանակ Հէրին 1 տարէկան էր):

Գիրքը հրատարակուած է տարբեր լեզուներով եւ գիրքին հիման վրայ ստեղծուած է անոր ֆիլմը: Գիրքի Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1 Յունիս, 2016 թուականին, «Զանգակ» հրատարակչութեան կողմէն ու թարգմանիչն է՝ Ալուարդ Ճիւանեան:

Ծնողները կորսնցնելէ ետք Հէրի Փոթըրը կ'ապրի իր մօրաքրոջ ու իր ընտանիքին՝ Վերնոնին ու իրենց զաւակին Տատլիին հետ, որոնք վատ ձեւով կը վարուէին Հէրիին հետ ու գաղտնի կը պահէին իր կախարդական կարողութիւնները ու անոր ծնողներու մահուան պատճառը: Սակայն երբ Հէրին կ'ամբողջացնէ իր 11 տարեկանը, ան կը ստանայ նամակներ դպրոցէ մը, որ անունն է Hogwarts: Վերնոնը անոր կ'արգիլէ այդ նամակները կարդալ, որովհետեւ մօրաքոյրը՝ Փեթունիան, Վերնոնը եւ Տատլին կը սարսափէին Հէրիէն ու իր կախարդական կարողոթիւններէն: Երբ Հէրին ու իր մօրաքրոջ ընտանիքը հեռացած էին տունէն չափազանց նամակներու ներխուժումին պատճառով, անոնց կը հետեւի Հակրիտ անունով հսկայ անձ մը ու դուռը կոտրելով ներս կը մտնէ ու Հէրիին տարեդարձը շնորհաւորելով, անոր կը բացատրէ թէ ան կախարդ է ու պէտք է յաճախէ կախարդական դպրոց՝ Hogwarts-ը: Հոն Հէրիին կը սպասէր նոր փորձառութիւններով եւ արկածներով լեցուն կեանք մը:

Voldemort-ը որ ամէնէն զօրաւոր գէշ կախարդն է կախարդական աշխարհին մէջ, կ'անհետանայ իր Հէրիին սպանելու փորձառութենէն ետք: Ան մահացու անէծք մը կ'արձակէ անոր վրայ ու Հէրին կ'ըլլայ միակ կախարդը որ ազատած է այս անէծքը, բայց այդ վէրքի նշան մը կը ձգէ անոր ճակատին վրայ որ կը նմանի ճառագայթի մը: Կախարդական բոլոր աշխարհը գիտէր Հէրիին անունը ու կ'ըսէին թէ ան միակ կախարդն է որ կրցած է յաղթել Voldemort-ին եւ փրկել կախարդական աշխարհը: Հէրիին ծնողներուն՝ Ճէյմզ եւ Լիլի Փոթըրներուն մահէն ետք, Hogwarts-ի տնօրէն՝ Dumbledore-ը, փոխ տնօրէնուհի՝ Միրվենա Մաքկոնակալը եւ Hogwarts-ի հսկող՝ Հակրիտը, 1 տարեկան Հէրիին կը հասցնեն իրեն մօրաքրոջ տան դրան առջեւ, ծանուցագիրով մը որ կ'ըսէ թէ Հէրին կը պատկանի իրենց հովանաւորութեան տակ: Տըրզլիները (Հէրիին մօրաքրոջ ընտանիքը) կախարդներ չէին եւ կը սարսափէին Հէրիէն իր կախարդական կարողութեան համար: Անոնք Հէրիին կու տային ամէնէն վատ սենեակը տան մէջ, որ կը գտնուէր սանդուխներու տակ, չարաչար կ'օգտագործէին ու փոքր տարեկան Հէրիին կու տային տան յոգնեցուցիչ գործերը եւ երբ սխալ բան մը ընէր, ան կը զրկուէր օրուան ճաշէն: Բայց Վերնոն ու Փեթունիա, իրենց զաւակին՝ Տատլիին հետ կը վարուէին մեծ սիրով, հակառակ անոր գէշ սովորութիւններուն: Անոր կը շփացնէին մեծ նուէրներով ու նոր հագուստներով, բայց Հէրիին կու տային Տատլիին հին, խեղճ ու ցնցոտաւոր հագուստները: իր առաջին 10 տարիները երբ Հէրին կ'ապրի Տըրսլիներու տան մէջ, ան ոչ մէկ բան գիտէ իր անձնաւորութեան մասին որպէս կախարդ, եւ կը հաւատայ Տըրսլիներուն որ կ'ըսէին թէ Հէրիին ծնողները մահացած են ինքնաշարժի արկածի մը: Սակայն, Հէրին կը նկատէր թէ իր հետ կը պատահէին տարօրինակ դէպքեր: Օր մը, Տատլիին տարեդարձին, անոնք բոլորը կ'երթան կենդանաբնական պարտէզ ու Հէրին հոն կը տեսնէ բանտարկուած օձ մը: Անոր կը մօտենայ ու կը նկատէ թէ օձը հետը կը խօսի, ըսելով թէ ան կարօտ է իր ընտանիքին: Հէրին հասկնալով անոր ցաւը կ'ուզէ անոր ազատել, սակայն առանց իր գիտակցութեան, այդ ապակին որ կը բանտարկէր օձը կ'անհետանայ ու օձը շնորհակալութիւն յայտնելով Հէրիին կը փախչի: Վերնոն կը նկատէ պատահածը, ու Հէրիին ամէն անգամուան պէս կը բանտարկէ իր սենեակը ու կ'արգիլէ ուտելիքէն, եւ Հէրին չգիտնար իր կարողութեան մասին:

Հէրիին կեանքը կ'ընթանայ այսպէս չարչարանքներով, մինչեւ Հէրիին 11 տարեկանը: Անոր 11-րդ տարեդարձէն մի քանի օր առաջ, Տատլիներու տան կը հասնին նամակներ ղրկուած Հէրի Փոթըրին, Hogwarts անունով դպրոցէ մը: Վերնոն կը պահէ այս նամակները, եւ այս պատճառով նամակներուն թիւը կը բարձրանայ մինչեւ որ անոնք կ'ընկղմեն բոլոր տունը: Վերնոն կ'որոշէ մի քանի օր անցնել տունէն հեռու եւ անոնք կ'երթան անյայտ վայր մը: Սակայն, երբ կէս-գիշեր կ'ըլլայ, հսկայ անձ մը Հակրիտ անունով, դուռը կը կոտրէ ու ներս կը մտնէ շնորհաւորելով Հէրիին տարեդարձը: Ետքը, Հակրիտը Հէրիին կը բացատրէ անոր կախարդական կարողութիւններուն մասին, ու երկուքը միասին կ'ուղղուին դէպի Լոնտոն որպէսզի գնեն Հէրիին կախարդական փայտիկը, դպրոցական տարազը եւ բու մը Հետուիկ անունով: Անոնք նաեւ կը հանդիպին կախարդական դրամատունը՝ Կրինկոթ ու Հակրիտը Հէրիին ցոյց

կու տայ իր ծնողքին ձգած մեծ գումարը իրեն համար: Հակրիտը նաեւ կը հանդիպի ուրիշ նկուղի մը դրամատան մէջ, ու կ'առնէ գաղտնի կախարդական իր մը:

1 Սեպտեմբեր, 1991 թուականին, Հակրիտը Հէրիին կը հասցնէ Լոնտոն, ու կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք է երթայ 9¾ կայարանը: Հէրին հոն հասնելով, միայն կը տեսնէ 9 եւ 10 կայարանները: Շուարած, ան կը նկատէ կարմրագլուխ ընտանիք մը որ կը նմանին կախարդներու: Անոնցմէ օգնութիւն կը խնդրէ ու Մոլլի Ուիզլին անոր կը բացատրէ թէ ան պէտք է վազէ ու անցնի պատին մէջէն որպէսզի հասնի 9¾ կայարանը: Այսպէս ընելով, ան կը յաջողի: Մոլլի Ուիզլիին զաւակներէն մէկն է՝ Ռոն Ուիզլին որ Հէրիին կողքը կը նստի իրենց ճամբուն վրայ դէպի Hogwarts: Անոնք կը ծանօթանան իրարու ու շուտով կը դառնան լաւ ընկերներ: Ռոնը Հէրիին կը պատմէ իրեն ընտանիքին մասին ու իր 5 եղբայրներուն՝ Չարլի, Պիլլ, Փերսի, Ֆրետ եւ Ճորճին ու փոքր քրոջ՝ Ճիննիին մասին: Ուիզլի ընտանիքը աղքատ էր եւ երբ Հէրին այս մէկը կը գիտնայ, ան իր մեծ քանակով գնած ուտելիքները կը բաժնեկցի Ռոնին հետ: Քանի մը ժամ ետք անոնց կը միանայ աղջիկ մը՝ Հըրմայոնի Կրէյնճր անունով: Երեքը իրարու կը ծանօթանան, ու Հըրմայոնին կախարդութեամբ կը շինէ Հէրիին կոտրած ակնոցները, ու անոնց փոխանցելով թէ իրենք կը մօտենան Hogwarts ան կը հեռանայ:

Երեք ընկերներուն կը սպասէին դժուար փորձառութիւններով ու արկածներով լեցուն տարիներ, բայց անոնք միշտ կը մնան միասին:

Երբ կը հասնին Hogwarts, առաջին ուսուցիչին որ կը ծանօթանան Միրվենա Մաքկոնակալն է, որ իրենց կը փոխանցէ Hogwarts-ի 4 տուներուն ու անոնց բաժանումին մասին: Ամէն մէկ աշակերտ իր գլխուն պիտի դնէ կախարդական գլխարկը, որ իր Hogwarts-ի տունը պիտի որոշէ, որոնք են՝ Gryffindor, Slytherin, Ravenclaw եւ Hufflepuff: Ռոնը Հէրիին կ'ըսէ թէ Slytherin-ը միշտ եղած է վտանգաւոր կախարդներուն տունը եւ Voldemort-ը եղած է այդ տան մէջ։ Երբ անոնք մեծ սրահ պիտի մտնեն ճանչնալու իրենց Hogwarts-ի տուները, Հէրիին կը մօտենայ տղայ մը Տրաքօ Մալֆոյ անունով: Տրաքոն ինքզինք կը ծանօթացնէ եւ կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք չունի Ռոնին նման աղքատ ընկերրներ, այլ իրեն պէս հարուստ: Հէրին տեսնելով անոր վատ վարուելակերպը իր ընկերոջ, Ռոնին հանդէպ, կը մերժէ Տրաքոյին ընկերութիւնը ու անոնց միջեւ տարիներով թշնամութիւն կը ստեղծուի:

Բոլոր աշակերտները կը մտնեն հսկայ սրահը ու կը նկատեն 4 մեծ սեղաններ, ամէն մէկը կը ներկայացնէ Hogwarts-ի տուներէն մէկը: Արդէն բամբասանքներ ստեղծուած են թէ Հէրի Փոթըրը, այդ կախարդը որ յաղթած է Voldemort-ին, այդ տարի պիտի յաճախէ Hogwarts: Մաքկոնակալը կը կարդայ նոր աշակերտներուն անունները, ու մէկ մէկ բոլորը գլխարկը փորձելով կ'անցնին իրենց Hogwarts-ի տուները: Հէրին կը տեսնէ իր երկու ընկերները, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կ'անցնին Gryffindor տան շարքերուն: Երբ Հէրիին կարգը կը հասնի, սրահին մէջ բամբասանքները կը բարձրանան եւ երբ Հէրին գլխարկը կը դնէ ան կը լսէ անոր խօսածները որ կ'առաջարկէր Հէրիին Slytherin դնէ, Հէրին կը մերժէ ըլլալ Slytherin, հակառակ գլխարկին պնդումին, եւ այսպիսով գլխարկը իրեն կ'որոշէ դնել Gryffindor, ու Հէրին կը միանայ իր ընկերներուն Gryffindor-ի սեղանին շուրջ: Dumbledore-ը, Hogwarts-ի տնօրէնը կ'ունենայ քանի մը յայտարարութիւններ, թէ 3-րդ յարկը արգիլուած է աշակերտներուն համար, նոյնպէս ալ արգիլուած անտառը:

Կախարդական օրաթերթէն Հէրին կը գիտնայ թէ մարդիկ փորձած են այդ դրամատունը կողոպտել որ ինք եւ Հակրիտ այցելեցին: Աւելի ուշադրութիւն դարձնելով յօդուածին, ան կը գիտնայ թէ այս գողերը կոտրած են այդ նկուղը որ Հակրիտ այցելեց եւ գաղտնի կախարդական իր մը առաւ Dumbledore-ին համար: Յանկարծակիօրէն, երբ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին սխալմամբ ուրիշ ճամբայ կ'ուղղուին Hogwarts-ի մէջ, անոնք իրենքզիրենք կը գտնեն արգիլուած յարկին վրայ որ Dumbledore յայտարարած էր: Անոնք դուռ մը կը բանան ու կը տեսնեն հսկայ երեք գլուխով շուն մը որ կը հսկէր ուրիշ դուռ մը որ կ'ուղղուի դէպի գետնին տակը: Անոնք սարսափի մէջ կը պոռան եւ դուրս կը փախչին այդ 3-րդ յարկէն, ու կը գիտնան թէ կախարդական իրը որ Հակրիտ դրամատունէն առաւ, կը գտնուի այդ յարկին վրայ՝ պաշտպանուած հսկայ 3 գլուխ ունեցող շունով ու անեծքներով դրուած բոլոր ուսուցիչներուն կողմէ:

Քանի մը օր ետք, երբ երեք ընկերները կ'այցելեն Հակրիտը, որուն փոքրիկ տունը կը գտնուի արգիլուած անտառին մօտ, անոնք կը պատմեն 3-րդ յարկին վրայ գտնուող հսկայ շունին մասին, ու Հակրիտ անոնց կ'ըսէ թէ այդ առարկան, որ շունը կը հսկէ կը վերաբերի միայն Dumbledore-ին եւ Նիքոլաս Ֆլամելին: Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը սկսին իրենց խուզարկութիւնը Նիքոլաս Ֆլամելին մասին դպրոցի գրադարանին մէջ։ Անոնք ոչ մէկ տեղեկութիւն կը գտնեն, սակայն օր մը Հէրին կը յիշէ որ ան Նիքոլաս Ֆլամել անունը կարդացած է խաղի թուղթի մը վրայ որ կ'ըսէ թէ Նիքոլաս միակ անձն է որ գտած է փիլիսոփայի քարը եւ այս մէկը իրեն կարողութիւնը կու տայ ըլլալու անմահ: Գրուած է նաեւ թէ Նիքոլաս 665 տարեկան էր: Երեքը կը գիտնան թէ դպրոցին մէջի հսկայ շունը եւ անէծքները կը պաշտպանեն այս փիլիսոփայի քարը: Անոնք նաեւ կը գիտնան թէ Voldemort-ի հետեւորդներն են որ դրամատունը մտած են ու փորձած են այս քարը գողնալ որպէսզի Voldemort-ը կրկին զօրանայ ու յաւերժ ապրի:

Նոր 11 տարեկան աշակերտները կը սկսին իրենց թռչելու փորձերը աւելին վրայ։ Երբ ուսուցիչը կը հեռանայ օգնելու ուրիշ աշակերտի մը, Մալֆոյ կը գողնայ Նեւիլ Լոնկպաթըմին առարկաներէն մէկը ու կը թռչի, մարտահրաւիրելով Հէրիին որ իրեն հետեւի եւ Նեւիլին առարկան առնէ: Հէրին կը թռչի ու շուտով օդին մէջ կը գտնէ առարկան, սակայն Մաքկոնակալ նկատելով այս մէկը Հէրիին կը կանչէ իր գրասենեակը: Մաքկոնակալ նաեւ կը կանչէ ուրիշ աշակերտի մը՝ Օլիվըր Ուըտը որ Gryffindor տան Quidditch խումբին առաջնորդն է: Մաքկոնակալ Օլիվըրին կ'ըսէ թէ ինք նկատեց Հէրիին թռչելու կարողութիւնները եւ այսպիսով Օլիվըր կը սկսի բացատրել Հէրիին խաղին օրէնքները ու Հէրին կ'ըլլայ ամէնէն փոքր աշակերտը որ մաս կազմած է quidditch խումբի:

Առաջին quidditch խաղը, Gryffidnor-ի եւ Slytherin-ի միջեւ էր։ Խաղին ժամանակ, Հէրիին աւելը կը սկսի տարօրինակ ձեւով վարուիլ, կարծես անիծուած է: Սակայն, Հէրին կրնայ գնդակը բռնել ու Gryffindor խումբը կը յաղթէ: Ետքը, Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը խօսին ու երեքը կը կասկածին թէ այս անէծքը կատարողը Սեւերուս Սնէյփն էր, դեղաջուրերու ուսուցիչը: Երեքը նկատեցին թէ Սնէյփը վատ ձեւով կը վարուի Հէրիին հետ ու միշտ դասապահերուն ժամանակ կը փորձէ ճնշել անոր: Dumbledore-ը քանի մը օր կը բացակայի դպրոցէն, ու Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը սկսին կասկածելու թէ Սնէյփը կ'ուզէ գողնալ փիլիսոփայի քարը: Անոնք կը նկատեն Սնէյփը վտանգաւոր պահերու ժամանակ կը փախչի եւ իրիկուն մը երբ ան բոլորովին հոն հսկայ սրահին մէջ չգտնուիր, անոնք կը գիտնան թէ Սնէյփ 3-րդ յարկն է, փիլիսոփայի քարը առնելու:

Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին Հակրիտէն կը հասկնան թէ գաղտնիքը այդ հսկայ շունէն անցնելու եւ գետնի տակ դուռէն մտնելու համար, անոնք պէտք է մեղմ նուագ մը նուագեն շունին: Այսպէս ընելով, անոնք կը նետուին այդ դուռէն ու կը հասնին շարժող խոտերու մէջ որ կ'ուզէ իրենց սպանել: Անոնք անէծքներով այս ծուղակէն կ'ազատին ու կը հասնին հսկայ ճատրակի խաղի մը: Ամէն մէկը յանձն կ'առնէ մէկ զինուոր մը խաղին մէջ ու կը յաղթեն, սակայն Ռոնը կը վիրաւորուի ու Հըրմայոնին անոր քովը կը մնայ: Հէրին կը շարունակէ իր ճամբան, ու Սնէյփին տեղ կը գտնէ Փրոֆեսոր Քուիրլը, կախարդական մթութեան պաշտպանութեան ուսուցիչը: Ան Հէրիին կը պատմէ թէ ինչպէս ինքն էր որ փորձեց Հէրիին սպանել խաղին ժամանակ, իսկ Սնէյփը կը պաշտպանէր անոր: Ան նաեւ իր գլխուն վրայի փողկապը ու ցոյց կու տայ իր երկրորդ երեսը որ կը գտնուի գլխուն ետեւը ու Voldemort-ին գլխուն է, որովհետեւ Voldemort շատ տկար էր մարմին ունենալու:

Այդ սենեակին մէջ կար նաեւ մեծ հայելի մը որ Հէրին անոր հանդիպած էր երբ կը շրջէր դպրոցին մէջ։ Այս հայելին քեզի ցոյց կու տայ ամէնէն ցանկանալի երազներդ ու երբ Հէրին անոր առջեւ կեցաւ, ան տեսաւ ինքզինքը իր մօր եւ հօր հետ: Այս անգամ, Հէրիին ամէնէն ցանկանալի երազը այդ էր որ ան գտնէ փիլիսոփայի քարը ու քանդէ այդ որպէսզի Voldemort կարողութիւնը չունենայ վերադառնալու: Ու երբ ան կրկին նայի հայելիին, կը տեսնէ ինքզինքը փիլիսոփայի քարով իր գրպանին մէջ։ Քանի մը վայրկեան վերջ ան կը նկատէ թէ փիլիսոփայի քարը իսկապէս կը գտնուի իր գրպանին մէջ։ Voldemort կը զգայ այս մէկը ու կը փորձէ Հէրիին սպանել, սակայն երբ Հէրին իր ձեռքերով անոր երեսին դպնար, Voldemort-ին երեսը կ'այրէր որովհետեւ Հէրիին արիւնը լեցուած էր սէրով, իսկ Voldemort-ին՝ ատելութեամբ:

Այսպիսով Հէրին կրկին կը յաղթէ Voldemort-ին, բայց ան չի մահանար: Փիլիսոփայի քարը կը քանդուի Dumbledore-ին կողմէ, որպէսզի կրկին Voldemort-ը այդ չգտնէ, իսկ Նիքոլաս Ֆլամելը կը մահանայ 665 տարի ապրելէ ետք:

Ամէն տարի վերջին խնճոյքին Dumbledore-ը կը յայտարարէ որ մէկ տունը շահած է տարուայ բաժակը: Այս տարի ան կը յայտարարէ թէ Slytherin-նէ շահողը, սակայն վերջին վայրկեանի փոփոխութիւններ կը կատարէ: Ան Հէրիին, Ռոնին եւ Հըրմայոնիին կը պարգեւէ կէտեր իրենց քաջութեան համար եւ այսպիսով Gryffindor-ը անցնելով Slytherin-ին կը յաղթէ տարուան բաժակը:

Հետաքրքիր դէպքեր[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Գիրքին մէջ գրեթէ անգլուխ Նիքը (որ ոգի մըն է), գլխատուած է 45 անգամ կացինով, սակայն չէ մահացած ու գլուխը մինչեւ վերջ չէ կոտրուած:
  • Voldemort-ին անունը Ֆրանսերէնով կը նշանակէ «Մահէն փախչիլ»
  • Փրոֆֆեսոր Ֆիլթուիքը հասակով կարճ է որովհետեւ անոր մեծահայրերը եղած են Goblin-ներ:
  • Եթէ ոչ կախարդ մը հանդիպի Hogwarts դպրոցին, ան կը տեսնէ հին փլուած շէնք մը, որուն վրայ գրուած է: «Ուշադրութիւն՝ վտանգաւոր շինարարութիւն:»:
  • Ճիննի Ուիզլին, Ուիզլիներուն ամէնէն փոքրիկը, միակ աղջիկ զաւակն էր սերունդներէ յետոյ:
  • Ճոան Ռոուլինկը, Հէրիին ձգած էր մեծ ժառանգութիւն իր ծնողներուն կողմէն, որովհետեւ ինքը այդ ժամանակ ունէր նիւթական դժուարութիւններ եւ չուզեց իր հերոսը ունենայ նոյն դժուարութիւնները:
  • Ճոան Ռոուլինկը սկիզբը Տրաքոյին համար որոշած էր Սպինկս կամ Սպանճըս մականունները, բայց յետոյ այդ փոխեց Մալֆոյի:
  • Ճոան Ռոուլինկը Հէրիին նկարագրած էր ակնոցներով, որպէսզի ցոյց տայ անոր անպաշտպանութիւնը:
  • Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Ճոան Ռոուլինկը «Փիլիսոփայ» քարը փոխած է «կախարդական»-ի որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ սակայն ետքը զղջացած է:
  • Ռոուլինկը ամէնէն սիրած վայրը Hogwarts-ին մէջ, արգիլուած անտառն է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-06-14-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-06 
  2. http://byaki.net/eto_interesno/46261-80-interesnyh-faktov-o-garri-pottere.html