[go: up one dir, main page]

Jump to content

Քարվաճառ

Բնակավայր
Քարվաճառ
ազրպ.՝ Kəlbəcər
Երկիր Արցախ
ԲԾՄ 1584±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու ազրպէյճաներէն
Բնակչութիւն 7246 մարդ (1989)
Կը գտնուի ափին Թարթառ գետ
Ժամային գօտի UTC+4։00
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 32

Քարվաճառ, քաղաք, Արցախի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւմտեան մէջ կը գտնուի, Շահումեանի շրջանին մէջ , Թարթառ գետի վերի հոսանքին վրայ, Կուր գետի աջ վտակին մօտ: Կը գտնուի Շահումեան շրջանի կեդրոնը: 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին։

Քարվաճառ

Անուանման Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարվաճառ անունը եկած է օտարներու կողմէ Մեծ Հայքի Արցախի Ծար գաւառին մէջ գտնուող Քարավաճառ գիւղի անուան աղաւաղումէն. Ծառ գաւառը կը տարածուէր Թարթառ գետի վերի հոսանքի շրջանին մէջ եւ կը համապատասխնէր հին Վայկունիք նահանգին:

Իբրեւ քաղաքատիպ աւան, կազմաւորուած է 1960-ին: Նախապէս մաս կը կազմէր Ճիւանշիր գաւառին։ 1908-ին ունէր 160 բնակիչ. կը համապատասխանէր 15-րդ դարու յիշատակարաններէն մէկուն մէջ վկայուած Քարվաճառ գիւղին, որ յետագային կը կոչուի Հանդաբերդ:

Հնատիպ եւ միջնադարեան ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնատիպ տարեշրջանին այն տարածքը, ուր այժմ կը գտնուի Քարվաճառը կը մտնէր Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Վայկունիք գաւառին մէջ (4-րդ դարէն մինչեւ 8-րդ դարուն սկիզբը, եղած է ռազմա-վարչական շրջանի աղուանական մարզապետութեան տարածքին մէջ, որ կը գտնուէր Սասանեան Պարսկաստանի կազմին մէջ:

9–16-րդ դարերուն Քարվաճառը կը համարուէր հայկական Խաչէն իշխանութեան մասը, իսկ անոր փլուելէն ետք՝ հայկական Ջրաբերդ մելիքութեան մասը:

14-րդ դարուն խաչենը կ'ենթարկուի Թոխթամիշ եւ Լենկ-Թիմուր խաներու ասպատակութեան: 15-րդ դարուն կը մտնէ թրքական Կարակոյունլու, Ակկոյունլու պետութիւններու կազմին մէջ:

Առաջին անգամ հայկական աղբիւրներուն մէջ Քարվաճառ կը յիշատակուի որպէս գիւղ 15-րդ դարուն: 16-րդ դարուն Խաչէնը մտաւ Սեֆեաններու պետութեան կազմին մէջ: Խաչէնը կը գտնուէր Գյանջա-Ղարաբաղ բեկլարբեկութեան (Գյանջային խանութիւն) կազմին մէջ, որ ղեկավարուած էր Զիյադ Օղլու ցեղի (Քաջարներու ցեղէն) կողմէն: Անոր իշխանութիւնը, սակայն, մասնաւորապէս կը տարածուէր հարթավայրային Ղարաբաղի վրայ, որուն բնակչութիւնը իսլամացուած եւ թրքացուած է, այն ժամանակ երբ Լեռնային Զարաբաղը, ուր կը շարունակէին բնակութիւն հաստատել հայերը, մնացած է հայկական ղեկավարներու ձեռքին մէջ:

Քրտական ցեղերը մօտ 1600 թուականին կը վերաբնակեցուին պարսկական իշխանութիւններու կողմէ այն տարածքը, որ այժմ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սիւնիքի միջեւ: Ատոր նպատակն էր թուլցնել կապը Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ղեկավարներու եւ հիմնական հայկական տարածքներու միջեւ: Աւելի ուշ Քարվաճառի շրջանին իսլամադաւան (քիւրտ եւ թիւրք) բնակչութեան մասը (որոնք այստեղ կ'ապրէին 1990-ական թուականերուն Արցախեան Ազատամարտեն առաջ) կը համարուէին հարթավայրային Ղարաբաղի քոչուոր-վերաբնակներու յետնորդները: 1924-ին խորհրդային գիտնական Ե.Փչելինան արշաւախումբի հետ, ըլլալով քրտական գաւառի մէջ, կը յայտնէ որ միջին դարերուն այստեղ կը բնակէր Քրիստոնեայ հայկական բնակչութիւն: Հայերու տեղահանումը իրենց հողերէն անոր կողմէ արձանագրուած է քրտական ազգային աւանդազրոյցներու եւ տոհմաբանական զրոյցներու մէջ:

Նադիր շահ, որ պարսկական գահ բարձրացաւ 1736-ին, իր թշնամիներուն՝ Գանձակի խաներու թուլացումին համար, որոնք նուիրուած էին Սեֆեաններու հարստութեան, սակայն 1747-ին Նադիր շահի մահը հանգստացուց իր ստեղծած պետութեան փլուզման, Խորասանէն թրքական ցեղերու վերադարձին եւ Խամսային մելիքութիւններու ինքնուրոյնութեան կորուստին, որոնք յայտնուեցան Ղարաբաղի խանութեան ենթակայութեան տակ, որ ստեղծած է Փանահ Ալի-Խանը:

1805-ին խանութիւնը կ'ենթարկուի Ռուսական կայսրութեան, իսկ 1822-ին կը վերածուի Ռուսական կայսրութեան նահանգի: 1840-ին Ղարաբաղի նահանգը անուանափոխուած է Շուշիի գաւառի, որ մտած է Կասպիական մարզի կազմին մէջ, իսկ 1846-ին՝ Շամախի նահանգի, 1867-ին՝ Ելիզավետպոլի նահանգի կազմին մէջ:

1912-ին «կովկասեան օրացոյցի» տուեալներուն համաձայն՝ Ելիզավետպոլի նահանգի Ջեւանշիրի Գաւառի Քարվաճառ գիւղին մէջ կը բնակէր 300 հոգի: 1930-ին ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ ձեւաւորուած է Քարվաճառի շրջանը 1936 քմ մակերեսով, որ վարչական կեդրոն եղած է քաղաքային տիպի աւան Քարվաճառը, որ1980-ին ստացած է քաղաքի կարգավիճակ: 1970 թուականի դրութեամբ, Քարվաճառի բնակչութիւնը կազմուած էր 5 հազար բնակիչներէ:

Քույր քաղաքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Շահումեանի շրջան