Սուէյտա
Սուէյտա, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան քաղաքներէն մէկն է, որ կը գտնուի Դամասկոսի հարաւային բաժինը, շուրջ 100 ք.մ. հեռաւորութեամբ: Սուէյտայի աշխարհագրական դիրքին պատճառաւ, արաբերէն լեզուով կոչուած է նաեւ «Ճապալ ալ Արապ», որ կը նշանակէ «Արաբներու Լեռը» եւ կը գտնուի լեռնային հրաբխային շրջանի մը մէջ:
Այնտեղ կը գտնուին բազմաթիւ հռոմէական հնադարեան հնութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի առաջին քարէ դարուն: Այս մէկուն մասին կը վկայեն այնտեղ գտնուող քարանձաւներն ու վայրերը, որոնց մէջ հաստատուած են հին մարդիկ:
Սուէյտա հարուստ է հռոմէական, բիւզանդական եւ այլ հնագիտական վայրերով: Հնագիտական յուշարձանները ընդհանրացած են քաղաքին բոլոր ծայրամասերուն մէջ, ինչպէս աղօթավայրերը, պալատները, եկեղեցիները, թատրոնները, հռոմէական բաղնիքները, յունական եւ հռոմէական ջրամբարները, կամուրջներն ու բնակարանները, որոնք կը գտնուին Սուէյտայի իւրաքանչիւր քաղաքի եւ գիւղի մէջ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անպաթներու ժամանակաշրջանին, Սուէյտան կը կոչուէր «Սաուտա», որ արաբերէն լեզուով կը նշանակէ սեւ, որովհետեւ կառուցուած էր հրաբխային սեւ քարերով: Յոյները զայն կոչած էին «Սուատա», իսկ հռոմէացիներուն ժամանակաշրջանին Սուէտան կը կոչուէր «Մաքսիմիանոփոլիս», որ կը նշանակէ «Մաքսիմեան գիւղաքաղաք»[1]:
Սուրիական Մեծ Յեղափոխութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուէյտայի պատմութիւնը յաղթանակներով լի է, ուր 1925 թուականին, Սուլթան Պաշա ալ Աթրաշի նախագահութեամբ սկիզբ առաւ սուրիական մեծ յեղափոխութիւնը: Անոր կարեւորագոյն պատերազմներէն յիշենք «Ալ Մազրաա» եւ «Ալ Քըֆըր», որոնց միջոցաւ ֆրանսացի թշնամին տապալեցաւ եւ դուրս եկաւ սուրիական տարածքներէն:
Հնագիտական Երեւոյթներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հնագիտական յատկութիւնները, զոր կը պատկանին հռոմէական, յունական եւ այլ բազմազան քաղաքակրթութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքին լեռնային դիրքը զայն զբօսաշրջային վայր մը դարձուցած է:
Տնտեսութիւնն Ու Գիւղատնտեսութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուէյտայի տնտեսութիւնը հիմնականապէս գիւղատնտեսութեան վրայ հիմնուած է, որ նշանաւոր է իր պտղաբեր ծառերով ու հունձքերով, ինչպէս խնձոր, տանձ, նուշ եւ իր նշանաւոր խաղողով, որ կ'արտածէ դէպի զանազան շրջաններ:
Սուէյտա հնագիտական եւ պատմական վայրերով լի քաղաք մըն է, ուր իւրաքանչիւր շրջանի մէջ կը հանդիպինք հռոմէական, յունական, նապաթական եւ այլ քաղաքակրթութիւններու ազդեցութիւններուն:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ المدينة مدينة السويداء (արաբ.)