Նեփթիս
Արտաքին տեսք
Նեփթիս | ||||
---|---|---|---|---|
| ||||
Եգիպտացիներ Նեփթիսը կը պատկերէին գլխուն վրայ դրուած իր անուան գաղափա-րագիրը |
Նեփթիս, (հին յուն․՝ Νέφθυς, հին եգիպտերէն՝ Նեպերհեթ)՝ եգիպտական դիցաբանութեան աստուած մըն է:
Եգիպտացիները Նեփթիսը կը պատկերէին կնոջ մը տեսքով, գլխին վրայ դրուած իր անուան գաղափարագիրը՝ տուն մը, վրան շինարարութեան զամբիւղով:
Կը համարուէր եւ կը պատուըուէր որպէս Սեթի կինը: Եգիպտական դիցաբանական գրականութեան մէջ անոր էութիւնը գրեթէ չէ բացայայտուած: Առանձին գրուածքներուն մէջ կը հանդիպի իր քոյր Իսիսի հետ Օսիրիսի տօնախմբութիւններուն եւ հոգեհանգիստներու բոլոր մոգական արարողութիւներուն մէջ: Նէ Իսիսի հետ միասին կ'ողբայ Օսիրիսը, կը մասնակցի անոր մարմինի որոնումներուն, կը պահպանէ անոր մումիան, կանգնած ըլլալով անոր մահիճին գլուխը:
Նեփթիսը ուղեկցած է Ռան ստորգետնեայ ջուրերուն մէջ անոր գիշերային լոգանքի ատենը: