[go: up one dir, main page]

Jump to content

Եմէն

Եմէն
Եմենի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ 'Adan Governorate?, 'Amran Governorate?, Աբյան նահանգապետություն?, Dhale Governorate?, Al Bayda' Governorate?, Al Hudaydah Governorate?, Al Jawf Governorate?, Al Mahrah Governorate?, Al Mahwit Governorate?, Amanat al Asimah Sana`a?, Dhamar Governorate?, Hadhramaut Governorate?, Hajjah Governorate?, Ibb Governorate?, Lahij Governorate?, Marib Governorate?, Raymah Governorate?, Saada Governorate?, Sanaa Governorate?, Shabwah Governorate?, Ta'izz Governorate? եւ Socotra Archipelago Governorate?
Պետական լեզու Արաբերէն[1]
Մայրաքաղաք Սանաա? եւ Ադեն?
Օրէնսդիր մարմին Parliament of Yemen?
Երկրի ղեկավար Rashad al-Alimi?
Կառավարութեան ղեկավար Maeen Abdulmalik Saeed?
Ազգաբնակչութիւն 28 250 420 մարդ (2017)[2]
Օրհներգ Եմենի օրհներգ?[3]
Կարգախօս الله ،الوطن، الثورة، الوحدة, God, Country, Revolution, Unity, Бог, държава, революция, единство եւ Duw, Gwlad, Chwyldro, Undod
Հիմնադրուած է 1990 թ.
Արժոյթ Եմենի ռիալ?
Ազգային տօն Evacuation Day?, Կուրբան Բայրամ?, Eid al-Fitr?, Մայիս Մէկ եւ Եմենի միավորում?
Ժամային համակարգ UTC+3։00 եւ Asia/Aden?[4]
Հեռաձայնային համակարգ +967
Համացանցի յղում .ye?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,455[5]
yemen.gov.ye

Եմէն, կը գտնուի Արաբական Թերակղզիին հարաւ արեւմտեան շրջանը, Կարմիր Ծովու ափին։ Սահմաններն են Արեւմուտքէն՝ Կարմիր Ծով, Հարաւէն՝ Եմէնի Ժողովրդային Հանրապետութիւն, Հիւսիսէն եւ Արեւելքէն՝ Սէուտական Արաբիա։

Ծովեզերեայ շրջանը անապատային է, իսկ ներքին շրջանները լեռնային են եւ բարեբեր։

Գլխաւոր քաղաքներն են. Սանաա, Թայէզ, Հոտէյտա (նաւահանգիստ) եւ Մոքա։

Ցեղային եւ Կրօնական Նկարագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եմէնի ժողովուրդը արաբ է (95 առ հարիւր) եւ կրօնքով իսլամ, որ պետական կրօնքն է։

Ժողովուրդը 95 առ հարիւրով անգրագէտ է, սակայն հանրապետական նոր վարչաձեւը թափ կու տայ կրթութեան զարգացման ու կը բանայ բազմաթիւ վարժարաններ։

Ցեղախմբային համակարգը տակաւին ուժի մէջ է Եմէնի մէջ։ Ժողովուրդը մեծ տոկոսով թափառաշրջիկ է։

Հինէն ի վեր այնտեղ ապրած են բազմաթիւ հրեաներ, որոնց ժառանգորդները դեռ կ՛ապրին ու կը գործեն Եմէնի մէջ։

Պատմութիւն եւ Կառավարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եմէնի պատմութիւնը կը սկսի Ն.Ք. 1200 թուականին։

Այս հողամասը մաս կը կազմէր Սապայի թագաւորութեան եւ Ափրիկէի ու Հնդկաստանի միջեւ կարաւաններու ճամբայ էր։ Աստուածաշունչին մէջ մատնանշուած է այս շրջանի ոսկին, զոր Սապայի թագուհին նուէր կ՛ուղարկէր Սողոմոն թագաւորին։

Եմէն իսլամութիւն ընդունեց 628-ին եւ մաս կազմեց արաբական առաջին ընդարձակածաւալ կայսրութեան, որմէ բաժնուեցաւ Ժ. դարուն՝ կեդրոնական կառավարութեան (Ապպասեան հարստութիւն) տկարացման պատճառով։

Ժ. դարուն իշխանութիւնը ստանձնեց Զէյտիներու Ռասիտ ընտանիքը, որուն իշխանութիւնը կը շարունակուէր մինչեւ վերջերս։ Թուրքերը այս տարածքը գրաւեցին 1538-1630 եւ 1849-1918-ի թուականներուն՝ սակայն առանց կարենալ զայն ամբողջովին իրենց ենթարկելու։

Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն ետք Իմամ Եահեա, որ չէզոք մնացած էր, յաջողեցաւ իր հակակշիռը հաստատել երկրին վրայ։

Եմէնի՝ գերիշխան պետութեան գոյավիճակը ճանչցուեցաւ 1934-ին, Սէուտական Արաբիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնութեամբ։

Իմամ Եահեա սպաննուեցաւ 1948-ին ապստամբ ընդդիմադիրներու կողմէ, որոնք սակայն չյաջողեցան հասնիլ իշխանութեան։

1948-1962-ի շրջանին Եմէն կը կառավարուէր Իմամ Ահմէտի կողմէ, որ շրջան մը դաշնակցային կապերով միացաւ Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան (Եգիպտոս-Սուրիա)։ Իմամ Ահմէտ կատարեալ բռնապետ մըն էր, որ կացինով գլխատել տուաւ նոյնիսկ իր եղբայրը։ Ապստամբական բազմաթիւ փորձեր ձախողեցան Իմամ Ահմէտի իշխանութեան շրջանին։

Ահմէտի մահով (1962) անոր յաջորդեց իր զաւակը՝ Իմամ Պատր, որ բարեկարգչական ծրագիրներով հազիւ գործի լծուած էր, երբ գահակալութենէն հազիւ 10 օր ետք, 26 Սեպտեմբեր 1962-ին յեղափոխութիւն մը ծագեցաւ, ղեկավարութեամբ զօրավար Ապտալլա Սալլալի եւ հանրապետութիւն հռչակուեցաւ։

Հակառակ իմամական պալատի ռմբակոծման, Իմամ Պատր ողջ մնացած էր ու քաշուած լեռները։ Ան իր շուրջ հաւաքեց հաւատարիմները եւ սկսաւ իշխանութեան վերատիրանալու պատերազմին (1963)։ Ապտալլա Սալլալ իր իշխանութեան առաջին օրէն իսկ դաշինք ստորագրեց Եգիպտոսի հետ, որ ոչ միայն զինուորական մասնագիտական օժանդակութիւն ընծայեց, այլ նաեւ պատերազմող բանակ ղրկեց (մօտ 40,000)։

Իր կարգին Սէուտական Արաբիա սկսաւ զինուորական եւ նիւթական օժանդակութիւն տալ թագաւորութիւններուն։ Քաղաքացիական կռիւները ստացան բուռն բնոյթ եւ վերածուեցան իսկական պատերազմի՝ ծանր վնասներու ենթարկելով երկու կողմերը։

Այս արիւնաքամ պատերազմին վերջ տալու համար եղան բազմաթիւ փորձեր, որոնց գլխաւորներն են.

  1. Դիւանագիտական որոշ քայլերէ ետք Միացեալ Նահանգներ 19 Յունուար 1963-ին ճանչցաւ Եմէնի Արաբական Հանրապետութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը կը յուսար, որ այս ճանաչման փոխարէն պիտի յաջողէր ապահովել եգիպտական ուժերուն Եմէնէն հեռացումը։ Այս յոյսը չիրականացաւ։
  2. ՄԱԿ-ը խաղաղութեան կոչ ուղղեց 15 Ապրիլ 1963-ին։ Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնութիւն յայտնեցին եւ խոստացան իրենց օժանդակութիւնները դադրեցնել ճակատող կողմերուն։ «Կապոյտ Սաղաւարտ»ներ ղրկուեցան Զօրավար Վան Հորնի գլխաւորութեամբ, սակայն խաղաղութիւն հաստատելու ճիգերը ապարդիւն դուրս եկան։ 20 Օգոստոս 1963-ին Զօրավար Վան Հորն տուաւ իր հրաժարականը՝ իր առաքելութիւնը «կատակերգութիւն» որակելով։
  3. Արաբական առաջին վեհաժողովի մթնոլորտէն օգտուելով, Ալճերիոյ նախագահ Ահմէտ Պէն Պելլա եւ Իրաքի նախագահ Ապտէր Սալամ Արէֆ կը փորձեն մերձեցում յառաջացնել Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբ Միացեալ Հանրապետութեան միջեւ։ Պաշտօնական անձնաւորութիւններու այցելութիւններէն ետք, 1964 Սեպտեմբերին Աղեքսանդրիոյ արաբական երկրորդ վեհաժողովի ընթացքին տեղի կ՛ունենայ Նասեր-Ֆէյսալ հանդիպումը, որուն ընթացքին որոշում կը տրուի իրենց հովանաւորութեամբ հանդիպում մը կազմակերպել Եմէնի թագաւորներու եւ հանրապետականներու միջեւ։
  4. Նասեր-Ֆէյսալ համաձայնութեան իբրեւ հետեւանք, Եմէնի երկու կողմերուն միջեւ հանդիպումը կը կայանայ Սուտանի Էրքուիք փոքր քաղաքին մէջ, 1964 Հոկտեմբերին։ Կ՛որոշուի դադրեցնել կռիւները եւ հաշտութեան ժողով մը գումարել Հարատի մէջ։ Սակայն, նախքան այս ժողովին իրականացումը, կռիւները կը վերսկսին աւելի բուռն կերպով։
  5. 22 Օգոստոս 1965-ին նախագահ Նասեր կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա, ուր զրոյցներ կ՛ունենայ Ֆէյսալ թագաւորին հետ, Եմէնի կռիւները դադրեցնելու շուրջ (Ս. Արաբիա իր կարգին կարեւոր օժանդակութիւններ կ՛ընծայէ Իմամի կողմնակիցներուն)։ Գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ նախապատրաստական աշխատանքներէ, համաձայնական կառավարութեան մը կազմութենէն եւ եգիպտական բանակներուն քաշուելէն ետք հանրաքուէ պիտի կատարուէր եւ պիտի հաստատուէր ժողովուրդին մեծամասնութեան ուզած վարչաձեւը։ Սակայն ոչ մէկը կատարուեցաւ եւ կռիւները շարունակուեցան։
  6. 30 Օգոստոս 1967-ին Խարթումի արաբական Դ. Վեհաժողովին ընթացքին, Սուտանի անխոնջ ճիգերուն իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցաւ Նասեր-Ֆայսալ հանդիպումը։ Որոշուեցաւ կազմել Սուտանի, Մարոքի եւ Իրաքի մասնակցութեամբ եռեակ յանձնախումբ մը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլար խաղաղութիւն հաստատել Եմէնի մէջ՝ կողմերը հաշտեցնելով։

Տնտեսական Պայմաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եմէնի տնտեսութիւնը երկրագործական է։ Բարձրաւանդակները բարեբեր եւ առհասարակ մշակուած են։ Կը մշակուին արմտիք, բանջարեղէն, նշանաւոր մոքա սուրճը, պտուղներ եւ այլն։ Ծովեզերեայ դաշտերը կ՛օգտագործուին անասնաբուծութեան համար, որ Եմէնի տնտեսութեան երկրորդ կարեւոր գործօնն է։

Ճարտարարուեստ գոյութիւն չունի։[աղբիւրի կարիք ունի]

Տարի Բնակչութիւն
1984 9 402 070 մարդ [6]
1994 15 831 757 մարդ
Տարի Բնակչութիւն
2004 19 685 161 մարդ
2009 22 492 035 մարդ
Տարի Բնակչութիւն
2012 24 259 561 մարդ
2014 26 183 676 մարդ [6]
Տարի Բնակչութիւն
2017 28 250 420 մարդ [2]
  • Երուանդ Մոնոֆարեան (1968), «Հանրագիտակ», Համազգայինի տպարան, Պէյրութ, էջ 94-98։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 2 // (unspecified title)
  2. 2,0 2,1 Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.
  3. http://www.yemen-nic.info/contents/laws_ye/detail.php?ID=18865
  4. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  5. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  6. 6,0 6,1 http://data.worldbank.org/indicator/SP.POP.TOTL