Աւագ Հինգշաբթի
Աւագ հինգշաբթի (անգլերէն՝ Maundy Thursday or Holy Thursday), խորհրդաւոր ընթրիքի յիշատակի օրն է: Աւագ հինգշաբթի առաւօտեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի ս. պատարագ` ի յիշատակ խորհրդաւոր ընթրիքի ժամանակ Քրիստոսի կողմէ ս. հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման:
Քրիստոս վերջին ընթրիքի ընթացքին հացն ու գինին ճաշակելու տուաւ իր աշակերտներուն` ըսելով, որ հացը Իր մարմինն է, իսկ գինին` Իր արիւնը, որ կը հեղու մարդոց մեղքերու քաւութեան համար: Վերջին ընթրիքէն ետք Յիսուս ջուրը լեցուց կոնքի մէջ, ծունկի եկաւ իր աշակերտներուն առջեւ եւ խոնարհաբար լուաց անոնց ոտքերը` հեզութեան եւ խոնարհութեան իբրեւ օրինակ ծառայելով:
Այս օրը եկեղեցիներու մէջ կատարուող ոտնլուայի արարողութենէն ետք հաւատացեալներուն կը բաժնուի օրհնուած իւղ, զոր հաւատացեալները կը գործածեն հիմնականին մէջ հիւանդութիւններու պարագային կամ կը խառնեն տան մէջ ունեցած իւղին: Խորանին վրայ բարձրաստիճան հոգեւորականը, գոգնոց կը կապէ եւ կը լուայ ու իւղով կ'օծէ 12 հոգիի ոտքերը: Ան այս կ'ընէ Քրիստոսի արարքի նմանողութեամբ, երբ Քրիստոս լուաց իր 12 աշակերտներու ոտքերը` խոնարհութեան նշան ցոյց տալով ու ըսաւ, որ`
Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն, ինչ որ ես ձեզի ըրի: - Յովհաննէս 13.15
|
Հայոց եկեղեցւոյ մէջ «Խաւարման գիշեր» կամ «Լացի գիշեր» կը կոչուի Աւագ հինգշաբթիէն Աւագ ուրբաթ երկարող գիշերը, անոր համար, որ այդ օրը մարդկութիւնը, Յուդայի եւ եբրայեցի կրօնաւորներուն ընդմէջէն, խաւարի իշխանէն` սատանայէն դրդուած մահուան առաջնորդեց իր Արարիչը, աշխարհի լոյսը` նախընտրելով ապրիլ խաւարի ու մեղքի մէջ, քան թէ` լոյսի ու արդարութեան:
Խաւարման կամ Լացի գիշեր` անոր համար, որ ոչ միայն Յուդան իր կեղծ համբոյրով մատնեց Երկնաւոր Վարդապետը, այլ հաւատարիմ նկատուող առաքեալներն իսկ, որոնք քիչ առաջ Պետրոսի նման կ'ըսէին` «Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանամ» (Մատթէոս 26.35), շատ շուտով առանձին պիտի լքէին իրենց Ուսուցիչը, ու մահուան սոսկումէն սարսափած` բոլորը պիտի փախչէին գլուխնին ազատելու համար, իսկ Պետրոս առաքեալ, աքաղաղը դեռ չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանար զՔրիստոս:
Գիշերուան ժամերգութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ եկեղեցիներէն ներս այս արարողութիւնը կը սկսի գիշերը եւ կ'երկարի մինչեւ կէս գիշեր: Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին դիմաց հաւասար չափով տասներկու մոմեր կը վառեն, մէկ հատ ալ մեծ մոմ կը դնեն անոնց մէջտեղ` խորհրդանշելով Յիսուսն ու Իր տասներկու առաքեալները: Կը կարդացուին եօթը աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի` Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը, Յուդայի գալն ու համբուրելով մատնելը, Յիսուսի ձերբակալութիւնն ու քահանայապետներուն առջեւ տարուիլը, ծեծուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը: Ամէն անգամ որ աւետարաններէն մէկը կը կարդացուի, վառած տասներկու մոմերէն իւրաքանչիւր կողմէն մէկական մոմ կը մարեն, իսկ «Փառք ի բարձունս» երգի ժամանակ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը մարեն, որ կը խորհրդանշէ առաքեալներուն ձգելն ու փախչիլը, իսկ մէջտեղի մեծ մոմը, վառած, կը խորհրդանշէ զՔրիստոս, որ առանձին եւ անօգնական մնաց:
Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցանութեան ընթացքին սովորութիւն եղած է, որ հաւատացեալներ նախապէս պատրաստած բարակ թելերով եօթը հանգոյց կապեն` որպէս նշան Քրիստոսի հետ ամուր ագուցուելուն եւ զԻնք երբեք առանձին չձգելուն:
Այդ օր կ'երգուի յայտնի «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ» տաղը[1][2]:
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Աւագ Շաբաթը Քրիստոնեայի Կեանքին Մէջ Առանցքային Նշանակութիւն Ունի, Որովհետեւ Կոտրեցաւ Երկինքի Անմատչելիութիւնը, Եւ Աստուած Հաշտեցուց Երկինքն Ու Երկիրը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-12
- ↑ Ramshaw Gail (2004-12-15)։ The Three-Day Feast: Maundy Thursday, Good Friday, and Easter (անգլերէն)։ Augsburg Books։ ISBN 978-1-4514-0816-4